2015-04-29 09:52:00

Եուկազլավիայի եպիսկոպոսներու ժողովին գլխաւոր նիւթը` Քահանայապետին այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երբեմնի Եուկոզլավիայի եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովին գլխաւոր նիւթերէն մին հանդիսացաւ Քահանայապետին այցելութիւնը։ Արդարեւ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցաւ երբեմնի Եուկոզլավիայի եպիսկոպոսներու Ժողովը որուն ընթացքին ժողովականները  քննարկեցին համամիութենական կապերը օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ, մեկնաբանելով քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ  Քիւրթ Քոք-ի Պելկրատ այցելութիւնը 25-29 Ապրիլ։ Լիանիստ ժողովի ընթացքին  խօսուեցաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յառաջիկային Սարայէվօ կատարելիք այցելութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.